1 ՊԵՏՐՈՍ 4
Armenian (Western): NT
1Ուրեմն, քանի որ Քրիստոս չարչարուեցաւ մեզի համար՝ մարմինով, դո՛ւք ալ զինուեցէք նոյն մտադրութեամբ: Որովհետեւ ա՛ն որ չարչարուած է մարմինով՝ դադրած է մեղանչելէ, 2որպէսզի՝ իր մարմինին մէջ մնացած ժամանակը՝ այլեւս ապրի ո՛չ թէ մարդոց ցանկութիւններուն համաձայն, հապա՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն: 3Որովհետեւ կը բաւէ մեզի գործադրած ըլլալ հեթանոսներուն կամքը՝ մեր կեանքին անցած ժամանակը, երբ կ՚ընթանայինք ցոփութիւններու, ցանկութիւններու, գինեմոլութիւններու, զեխութիւններու, արբեցութիւններու եւ անօրէն կռապաշտութիւններու մէջ: 4Անոնք տարօրինակ կը սեպեն, որ դուք չէք սուրար իրենց հետ դէպի նոյն անառակութեան ծայրայեղութիւնը, ու կը հայհոյեն ձեզի: 5Անոնք հաշիւ պիտի տան անո՛ր՝ որ պատրաստ է դատել ողջերն ու մեռելները. 6քանի որ սա՛ նպատակով մեռելներո՛ւն ալ աւետարանուեցաւ, որպէսզի դատուին մարմինով՝ մարդոց համեմատ, իսկ ապրին հոգիով՝ Աստուծոյ համաձայն:

7Սակայն ամէն բանի վախճանը մօտեցած է. ուրեմն խոհե՛մ եղէք, եւ արթո՛ւն կեցէք՝ աղօթելու համար: 8Ամէն բանէ առաջ՝ ջերմեռա՛նդ սէր ունեցէք իրարու հանդէպ. որովհետեւ սէրը կը ծածկէ մեղքերու բազմութիւնը: 9Հիւրասէ՛ր եղէք իրարու հանդէպ՝ առանց տրտնջելու: 10Քանի ձեզմէ իւրաքանչիւրը ստացած է շնորհ մը, սպասարկեցէ՛ք զայն իրարու՝ Աստուծոյ բազմազան շնորհքին բարի տնտեսներուն պէս: 11Եթէ մէկը խօսի, թող խօսի Աստուծոյ պատգամներուն պէս. եթէ մէկը սպասարկէ, թող սպասարկէ Աստուծոյ հայթայթած ոյժին համեմատ. որպէսզի ամէն բանի մէջ Աստուած փառաւորուի Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, որուն կը պատկանին փառքն ու զօրութիւնը դարէ դար՝՝: Ամէն:

12Սիրելինե՛ր, տարօրինակ մի՛ սեպէք այն փորձութեան հրդեհը, որ կ՚ըլլայ ձեզ փորձելու համար, որպէս թէ օտար բան մը կը պատահի ձեզի: 13Հապա ուրախացէ՛ք՝ քանի որ կը հաղորդակցիք Քրիստոսի չարչարանքներուն, որպէսզի անոր փառքի յայտնութեան ատենն ալ ուրախանաք ցնծութեամբ: 14Եթէ նախատուիք Քրիստոսի անունին համար՝ երանելի՜ էք, որովհետեւ փառքի (ու զօրութեան) եւ Աստուծոյ Հոգին հանգչած է ձեր վրայ. արդարեւ ան կը հայհոյուի անոնցմէ, բայց կը փառաւորուի ձեզմէ՝՝: 15Ձեզմէ ո՛չ մէկը թող չարչարուի իբր մարդասպան, կամ գող, կամ չարագործ, կամ իբր ուրիշին միջամուխ: 16Սակայն եթէ չարչարուի իբր քրիստոնեայ՝ թող չամչնայ, հապա թող փառաւորէ Աստուած այս մասին: 17Որովհետեւ ատենը եկած է՝ որ դատաստանը սկսի Աստուծոյ տունէն: Ու եթէ նախ սկսի մեզմէ, հապա ի՞նչ պիտի ըլլայ վախճանը անոնց՝ որ չեն անսար Աստուծոյ աւետարանին: 18Եթէ արդարը հազիւ կը փրկուի, ի՞նչ պիտի ըլլան՝՝ ամբարիշտն ու մեղաւորը: 19Հետեւաբար, անոնք որ կը չարչարուին Աստուծոյ կամքին համաձայն, բարիք գործելով թող աւանդեն իրենց անձերը անոր՝ իբր հաւատարիմ Արարիչին:



Armenian (Western): NT

Bible Hub

1 Peter 3
Top of Page
Top of Page